ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ հիւանդապահութեան մասնագիտութեան ծանօթացում:

L.A.U. համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի վարիչ Տոքթ. Անահիտ Տէր Վարդանեան Քուլուիքի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց յիշեալ մասնագիտութիւնը: Ան շեշտեց ուսման ընթացքը, տեւողութիւնը, նիւթերը, կարեւորութիւնը այս մասնագիտութեան եւ գործի լայն կարելիութիւնները: Ան աշակերտներուն դիտել տուաւ, թէ այս մարզին պարագային կրթանպաստի շատ առիթներ կը տրուին, մանաւանդ երբ աշակերտը շատ փայլուն է, ինչպէս նաեւ համալսարանը օգտակար կը դառնայ ուսանողին՝ մասնագիտական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ շարունակելու գծով:

Աշակերտները խանդավառութեամբ մտիկ ըրին Տոքթ. Անահիտի ներկայացումը եւ լուսաբանական հարցումներով բաւարարուած զգացին իրենց ուսման կողմնորոշումին մէջ: