Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2018-ին, A. U. B. համալսարանի «Public health»-ի դասախօս Դոկտ. Թամար Հաշօլեան երկորդական բաժինի ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ նոր մասնագիտութեան մը մասին՝ «Health communication», որ յառաջիկայ տարի պիտի սկսի յիշեալ համալսարանին մէջ: Այս մասնագիտութիւնը իր մէջ կը ներառէ թէ՛ առողջապահական նիւթ, թէ՛ լրատուական ու արուեստ: Մասնագէտ անձը պատասխանատու կ’ըլլայ պատրաստելու, ներկայացնելու կամ զեկուցելու առողջապահական զանազան նիւթեր:
ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ
