ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպման նպատակն էր ուսման կողմնորոշման եւ համալսարանական կեանքի սեմին գտնուող աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն առիթը ընծայել տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացած շրջանաւարտներու հետ զրուցելու, լսելու անոնց փորձառութիւնը եւ լուսաբանուելու:  

Ճեմարանի 64 շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներ մասնակցեցան այս հանդիպումին եւ օգտաշատ տեղեկութիւններով գոհացում տուին բոլորին հետաքրքրութիւններուն:

Երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնն ու շրջանաւարտները կամրջող այս նախաձեռնութեան աւարտին, շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր ներկաներուն, որոնք սատարեցին այս հաւաքի յաջողութեան: