Կազմակերպութեամբ Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հաւաք մը երկրորդական բաժինի Ժ․, ԺԱ․, ԺԲ․ դասարաններու աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն համար։
Հաւաքին ընթացքին Ճենարանի շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներ խմբակներով տեսակցեցան աշակերտներուն ու իրենց ծնողներուն հետ եւ բացատրութիւններ տուին իրենց մասնագիտութիւններուն, յաճախած համալսարաններուն եւ ընտրած ասպարէզին մասին։