ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շարունակէ ուսման կողմնորոշման հանդիպումներու կազմակերպումը:

Հայկազեան համալսարանէն Փաթիլ Շահինեան եւ USEK համալսարանի արտաքին կապերու տնօրէն  Նասիպ Ազզէ այցելեցին Ճեմարան եւ երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարան ընդունման պայմանները եւ տարբեր մասնագիտութիւնները: Անոնք խօսեցան նաեւ մուտքի քննութիւններուն եւ կրթանպաստներուն մասին, ապա պատասխանեցին աշակերտներուն լուսաբանական հարցումներուն: