«ՈՐԲԵՐՈՒ ԱՂԵՐՍԸ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, Ուրբաթ, 19 Մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանական պատմական արխիւներէն յայտնաբերուած «Որբերու աղերսը» խորագիրով զգայացունց տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտները: Տեսերիզին մէջ ներկայացուած էին հայոց պատմութեան ամէնէն ցաւալի դրուագները պատկերող էջեր, որոնց վերականգնման համար բաւական լուրջ աշխատանք տարած էր Միսաք Քելեշեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայ անհատի սրբազան պարտաւորութիւնն է հետապնդել Հայ դատը, եւ ոչ միայն խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելի եւ անժխտելի պահանջատիրութեան արդարացի ու իրաւացի հատուցումին մասին, այլեւ՝ գործնականօրէն ամբողջ էութեամբ իրականացնել մեր երազը: Ան հաստատեց, որ Միսաք Քելեշեանի աշխատանքը իւրայատուկ է այն իմաստով, որ ան այդ սրբազան պարտքը անհատապէս իր ձեռքերով պարուրած է համակարգիչի պաստառէն՝ կենդանութիւն տալով դէպի լոյս աշխարհ: Ապա ան ներկայացուց Միսաք Քելեշեանի կենսագրական ամփոփ գիծերը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզը, որուն ընդմէջէն Քելեշեան փորձած էր վերականգնել պատմութիւնը հին եւ նոր նկարներով: Տեսերիզը կ\’անդրադառնայ Ղազիրի որբանոցներուն մէջ հայ որբերուն ձեռամբ պատրաստուած գորգին, որ ներկայիս կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան մէջ եւ իբրեւ նուէր ուղարկուած է նախագահին, ինչպէս նաեւ միջին արեւելեան զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող որբանոցներուն մէջ յայտնաբերուած հայ որբերու հաւաքական գերեզմանին, միսիոնարներու տարած աշխատանքին եւայլն: Միսաք Քելեշեան տեսաերիզի ցուցադրութեան զուգահեռ տեղեկութիւններ փոխանցեց իւրաքանչիւր նկարի մասին: Ցուցադրութեան աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն շարունակելու իր աշխատանքը եւ խնդրեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ 10 տողերու մէջ փոխանցէ իր կարծիքը տեսերիզին կապակցութեամբ՝ այդ կարծիքները ուղարկելով Ազգային առաջնորդարան: Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը իրենց աշխատասիրութեամբ հիմնեցին գործ, ընտանիք, տուն, եկեղեցի եւ դպրոց՝ աւելցնելով, որ իբրեւ անոնց յաջորդները, պէտք է պահանջատէր ըլլալ հայութեան ազգային իրաւունքներուն: Սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն լաւապէս սորվելու հայոց պատմութիւնը, հայ գրականութիւնը եւ մշակոյթը, որպէսզի բարձր պահեն հայ ազգին անունը, այլապէս՝ ապարդիւն պիտի ըլլայ մեր նախնիներուն տարած աշխատանքը, որուն նպատակն էր պահել իրենց ինքնութիւնը՝ առանց ուրանալու զայն: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը մեծապէս գնահատեց Միսաք Քելեշեանի կատարած աշխատանքը եւ պրպտումները, ինչպէս նաեւ քաջալերեց, որ շարունակուի այդ աշխատանքը: