ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ – ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2025-ին, միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններուն աշակերտները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Վանքի մուտքին աշակերտները դիմաւորեց դպրեվանքի հսկիչը՝ Հայր Գէորգը: Ոգեկոչման սկիզբը աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Լիմ լիպարեան, ուր իր խօսքին մէջ հաստատեց՝  իբրեւ յաջորդող սերունդներ այդ արհաւիրքը վերապրողներու, կառչած պիտի մնան  Սրբազան Դատին, հողին եւ պապենական մշակոյթին, պիտի պահանջեն հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ իենց արդար ձայնը մի՛շտ պիտի բարձրացնեն, մինչեւ որ թշնամին արժանանանայ արդար դատաստանի։ Ապա հայր սուրբին ընկերակցութեամբ բարձրացան նահատակաց յուշարձանին առջեւ եւ զետեղեցին մէկական ճերմակ ծաղիկ, իբրեւ յարգանք եղեռնի մեր զոհերուն, որմէ ետք Հայր սուրբը ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ յուշարձանին կառոյցին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ: Ան աշակերտներուն թելադրեց, որ իւրաքանչիւրը լաւ ճանչնայ հայկական եկեղեցական եւ ազգային արժէքները, աւանդութիւնները, եւ լաւապէս գիտնայ հայու ինքնութիւնը, որպէսզի տէր կանգնի հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Պատգամի աւարտին հայր սուրբը եւ աշակերտները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը: Յետոյ աշակերտները շրջեցան դպրեվանքի շրջափակին մէջ եւ ծանօթացան կառուցուած քանդակներուն, դպրեվանքի սաներուն առօրեային:

Յայտնենք, որ այս այցելութիւնը անցաւ շատ հաճելի եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մը մէջ: Աւարտին հնչեցին հետաքրքրական հարցումներ, որոնք լուսաբանուեցան Հայր Սուրբին կողմէ:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան իրենց հոգիներուն մէջ անգամ մը եւս վերահաստատելով պայքարելու կամքը, մինչեւ Հայ Դատի յաղթական աւարտը: