ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 22 Յունուար 2024-ին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ընկերային ծառայողին հետ արծարծեցին շտապ օգնութեան նիւթը: Անոնք սորվեցան, թէ ի՛նչպէս կրնան օգնել անակնկալ դէպքի մը պարագային, ո՞ր թիւերուն զանգել՝ Կարմիր Խաչ, հրշէջ եւ ոստիկանութիւն: Աշակերտները սորվեցան նաեւ իրենց անհատական հասցէները գրել եւ հասցէաքարտեր պատրաստեցին գծագրութեան ուսուցիչին ցուցմունքով եւ հետեւողութեամբ: