ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 32-ԱՄԵԱԿ ԵՒ «Ո՛Չ ՀՈՂԱՅԻՆ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ»

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները նշեցին Շուշիի ազատագրութեան 32-ամեակը:

Արցախի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ Ժ. դասարանէն Պաղտիկ Պաղտասարեան եւ ըսաւ. «Ամէն տարի, այս օրը հպարտութեամբ եւ յուզումով կը յիշենք այս հարսանիքը կերտողներէն ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի նահատակութիւնը 8 Մայիսին: Վիգէնի եւ Վիգէններու սուրբ արեամբ ապահովուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը», ապա շարունակեց ըսելով. «Շուշին, ապա ամբողջ Արցախը ազատագրելը մե՛ր յանձնառութիւնն է: Այս պատերազմներուն նահատակուած, անմահացած բազմաթիւ հերոսներուն պատգա՛մն է, որ կը հնչէ Եռաբլուրէն: Քառօրեայ եւ քառասունչորսօրեայ պատերազմները մեզ չեն յուսահատեցներ…»: Աւարտին, ան Ճեմարանի մեծ ընտանիքին զօրակցութիւնը յայտնեց  Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին, ապա աշակերտները երգեցին Վիգէն Զաքարեանի երգը:

Նոյն օրը, վերջին պահուն, աշակերտները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի հետ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց հիւրը, ապա զինք հրաւիրեց ներկայացնելու Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւնները:

Մինասեան պատմութենէն օրինակներ մէջբերելով, շեշտեց որ հայը միշտ ալ դժուարութիւններէ ետք կրցած է ոտքի կանգնիլ եւ յաղթահարել զանոնք: Ան գնահատեց հայրենիքէ դուրս ազգային ոգիի տիրապետումը Ճեմարանի մէջ, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: Հանդիպումը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: