ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ի առաւօտեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը եւ նշեցին Շուշիի ազատագրութեան եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25 ամեակը:

ԺԱ. դասարանէն Լոռի Գորեսեան պատմական հակիրճ ակնարկէ մը ետք, անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրման կարեւորութեան եւ իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «9 Մայիս 1992-ին, ԼՂՀ բանակը ազատագրեց Շուշին եւ շարժեցաւ դէպի Լաչին, որուն գրաւումով բերդաքաղաք Արցախը յաջողեցաւ ազատ շունչ մը քաշել: Պէտք է յիշել արցախեան ազատամարտին էջերը գրող նահատակ փաղանգը, որուն առասպելական հերոսութիւններուն մասին տակաւին պատմութիւնը շատ բան ունի ըսելիք»:

Դարձեալ ԺԱ. դասարանէն խօսք առաւ Նանի Գալուստեան, որ սկսաւ Վիգէն Զաքարեանի հետեւեալ խօսքով. «Ես կ’ուզեմ Արարատը, Հայաստանը, կ’ուզեմ ազատ, անկախ ու գեղեցիկ Հայաստանը, կ’ուզեմ տեսնել զայն, համբուրել այն հողը, որուն մէջ կայ հայ գիւղացիին, հայ զինուորին, հայ թագաւորին, հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը: … Կ’ուզեմ այդ հողէն, կ’ուզեմ որ ան միշտ մնայ գրպանիս մէջ, հոգ չէ թէ ան աղտոտէ հագուստներս, որովհետեւ անոր աղտոտութիւնը պիտի չերեւի, այլ՝ անիկա աւելի պիտի մաքրէ հագուստներս եւ ուղիղ ճամբան ցոյց տայ ինծի»: Ապա ան ներկայացնելէ ետք Վիգէնի կենսագրութիւնը ըսաւ. «Այսօր, 25 տարիներ անցած են Վիգէնի նահատակութենէն եւ մենք՝ իբրեւ ճեմարանական աշակերտներ ոչ միայն կը յիշենք Վիգէնը իբրեւ ազատամարտիկ, այլ իբրեւ մեր դպրոցի շրջանաւարտը: Ան իր ազգային ոգին ստացած է այս դպրոցէն ներս, նստած է նոյն գրասեղաններուն ետին եւ նոյն ոգիով աւարտած է Ճեմարանը: Հետեւաբար մենք աւելի քան ուրիշը պարտաւոր ենք հետեւելու իր օրինակին՝ ամէն գնով պայքարիլ հայ ազգի իրաւունքներուն վերատիրացման համար: Վիգէնի ու Վիգէններու ուղին պիտի շարունակուի»:

Աշակերտները ունկնդրելէ ետք Վիգէն Զաքարեանի նուիրուած երգը, բարձրացան իրենց դասարանները:

Ժամը 9:00-ին, նոյն ձեւով, Շուշիի ազատագրութեան եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակը նշուեցաւ նախակրթարանի բակին մէջ: