ՇՆԻԿԸ՝ ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԿԵՐԸ

Մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները «դիտելու դաս»ին ընթացքին «հիւրընկալեցին» շնիկ մը: Անոնք մանրամասնութեամբ ծանօթացան ընտանի այս անասունին արտաքինին եւ յատկութիւններուն: Փոքրիկները ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին շնիկը՝ իրենց «հաւատարիմ ընկերը»: Ոմանք համարձակութեամբ ու անվախօրէն մօտեցան անոր, շոյեցին, խաղացին… իսկ ուրիշներ ոտքերնին վեր պահեցին…: