ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ճեմարանի ծնողական յանձնախումբին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Պազարին երկու օրերուն ընթացքին գեղարուեստական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի եւ Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները, ինչպէս նաեւ՝ տարրական բաժինի եւ Դ. դասարանի աշակերտները: Անոնք ամանորեայ երգերով եւ պարերով կը ճոխացնեն մթնոլորտը, ապա իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ կը ճաշակեն պազարի համեղ ուտելիքները:

Պազարը բաց կը մնայ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9-էն երեկոյեան ժամը 3:00: