ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանի: 

Պազարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի փոքրիկները, ինչպէս նաեւ՝ մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները: Անոնք երգեցին ամանորեայ երգեր, պարեցին եւ գեղեցկացուցին պազարի մթնոլորտը, ապա փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վայելեցին պազարին ճոխ մթնոլորտը եւ ճաշակեցին համեղ ուտելիքները: