ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ

Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները անգլերէնի դասապահուն ներկայացուցին տարբեր երկիրներու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները իւրայատուկ ու հետաքրքրական ձեւով: Տօնական մթնոլորտ մը ստեղծելով դասարանէն ներս, անոնք կարեւոր գիտելիքներ փոխանցեցին եւ գեղեցիկ մաղթանքներ փոխանակեցին, երբեմն ալ համեստ հիւրասիրութիւններ ըրին տուեալ երկրին սովորութիւններուն հետ առնչուած:

Այս աշխատանքին նպատակն է աշակերտներուն բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնել անգլերէն լեզուով :