ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ՝ «ՄԻՇԵԼ ՀԱՏՏԱՏ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Ճեմարանի մեծ տղոց ֆութսալի խումբը պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2025-ին, «Միշել Հատտատ» միջդպրոցական մրցաշարքին, երբ 7-6 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մոն Լա Սալ դպրոցի խումբին, անցաւ յաջորդ հանգրուան:  Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին հայկական դպրոց մը կը հասնի աւարտական փուլերուն:

Յաղթանակէն ետք, համակիրներուն ուրախութիւնը խրախճանքի վերածուեցաւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ:

Յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Անթունիէ Մար Տումիթ դպրոցին դէմ, «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) :