Նոր Ժամանակներու Ճեմարանը

Միայն Ճեմարանի բովէն անցնող հայ ուսանողը, որ ապրած, տեսած, փորձարկած ու շնչած է ճեմարանի օդն ու շունչը, անոր ազգային ու գաղափարական ոգին, կրնայ վկայել, որ ա՛յն, ինչ որ կու տայ ճեմարանը, ազգային է` իրաւամբ, լաւագոյնն է կրթութեամբ եւ իր բարոյական ու մարդկային դաստիարակութեամբ եւ նոր ժամանակներու միջոցներով` սերունդներ կերտող, սերունդներ պատրաստող ու սերունդներ թրծող: Եթէ դիտենք սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ անցեալէն մինչեւ ներկայ, պիտի տեսնենք յանձնառու հայերու հսկայ փաղանգ մը, որ զբաղեցուցած է եւ կ՛առաջնորդէ մեր ազգային եւ միութենական կառոյցները ամէնուրեք: Ճեմարանը կը փոխանցէ ոգին, կու տայ դաստիարակութեան եւ կրթութեան լաւագոյն պատրաստութիւնը եւ կը պատրաստէ ազատ եւ անկախ մտածողութիւն ունենալու յատկանիշը, միաժամանակ, մտածող հայ, ազգային ոգիով ապրող հայ նոր սերունդներ: Ճեմարան աւարտող հայ ուսանողը կը դառնայ լաւ հայ, իսկական հայ, առաքինի հայ եւ հպարտ հայ:

Վերոյիշեալ ըսուածները մեզ կ’առաջնորդեն հետեւեալ եզրակացութեան. որքան ալ դժուարին ըլլայ յանձնառու հայուն զոհողութիւնը, ճեմարանը կը պատրաստէ զոհողութեան տիպար մարդը, որ ի գին ամէն դժուարութեան, գիտակցօրէն կ’ընտրէ իր ժողովուրդին, իր Դատին, իր ապագային համար պայքարի ուղին:

Կը մնանք հպարտ` ճեմարանէն ստացած մեր թէ՛ ուսումով եւ թէ՛ ազգային ջիղով:

Այս բոլորով հանդերձ եւ մեկնելով ներկայ ժամանակներու դժուարին հրամայականներէն ու մեր ժողովուրդին մեծածաւալ կարիքներէն, հարկ է կրկնապատկել ուժերը եւ մեր յանձնառութիւնը, որպէսզի արդարացնենք մեր վրայ դրուած յոյսերը, ճեմարանին մեզմէ ակնկալուած նուիրումը:

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Ծանօթ.-  Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate