ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ եւ կապոյտ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 3 եւ 4 Հոկտեմբեր 2011-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր երգեցին ուսուցչուհիներուն հետ, ապա անցան իրենց դասարանները։ Վարդագոյն դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 5Հոկտեմբեր 2011-ին։ Ժամը 8։30-ին, մանկապարտէզի բակին մէջ, աշակերտները երգեցին, պարեցին, ապա ուսուցչուհիներուն հետ բարձրացան դասարան, ուր 2 ժամ մնացին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ապա մեկնեցան դպրոցէն։ Անոնք յաջորդ առաւօտուն վերադարձան մանկապարտէզ եւ սկսան իրենց դպրոցական առօրեային։