ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011-ին Մանկապարտէզի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները տարբեր ժողովուրդներու յատուկ տարազներով հանդէս եկան եւ իւրաքանչիւրը այդ ժողովուրդին լեզուով շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան հեծանիւով։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները ստանալու համար նուէրները։