ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ շատ արագ անցան մանկապարտէզի երեք տարիները, որոնց ընթացքին փոքրիկները զարգացուցին զանազան կարողութիւններ, ունեցան ընկերային կեանք եւ կերտեցին իրենց ազգային նկարագիրը: Ան իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Սիրելի երեխաներ, պիտի ըլլաք ուսուցիչներ, երկրաչափներ, բժիշկներ, հրշէջներ, ղեկավարներ, ազգային գործիչներ… քիչ ետք բեմէն պիտի յայտարարէք այս բոլորը ինքնավստահ ու բարձրաձայն եւ վստահ ենք, որ պիտի տարածէք հայ լեզուն ու մշակոյթը, ուր որ ըլլաք»: Ապա Եահնիյեան շեշտեց, որ առանց ծնողներուն, հայ մանկապարտէզը չի յաջողիր իր առաքելութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին եւ դաստիարակներուն, որոնք գուրգուրանքով եւ նուիրումով հետեւեցան երեխաներուն աճին, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներուն, որոնք համագործակցեցան եւ իրենց զաւակները վստահեցան մանկապարտէզին: Մանկապարտիզպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանին՝ բեմայարդարումին համար:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր պարը: Փոքրիկները ներկայացուցին զանազան պարեր: Այսպէս, անոնք պարեցին Սամպան, Ռումպան եւ Չաչաչան, Ռոք Էնտ Ռոլլը եւ Թուիսթը, Ֆլամինկոն, Թանկօն եւ Տիսգօն:

Պարերէն անմիջապէս ետք ելոյթ ունեցաւ աշակերտական նուագախումբը՝ զանազան նուագարաններով, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ երեխաներուն կողմէն պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր իւրաքանչիւր երեխայ ներկայացուց, թէ ի՛նչ է պարը:

Տեսերիզէն ետք, ներկայացուեցաւ հայկական պարը: Փոքրիկները յաջորդաբար խօսեցան Եարխուշտայի, Քոչարիի, Լորկէի եւ Վերվերիի մասին, որմէ ետք երգեցին Հայաստանի երգը եւ պարեցին Ղափաման, ապա անոնք իջան բեմէն եւ հայկական գոգնոցները տուին իրենց ծնողներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք ունենայ զայն իբրեւ յիշատակ:

Ամբողջ հանդէսի տեւողութեան ուշագրաւ էին բեմին ետին պաստառի վրայ ցուցադրուած նկարները՝ իւրաքանչիւր պարի կամ երեխաներուն առօրեային առնչուող:

Գեղարուեստական յայտագրին աւարտին, երեխաները բեմ հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը՝ փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Տնօրէնուհին շնորհաւորեց փոքրիկները, որոնք յաջողեցան հանդէսին ներկաները փոխադրել դէպի ուրախ, խանդավառ եւ գունաւոր աշխարհ մը: Շնորհաւորանքի արժանացան նաեւ երեխաներուն ծնողները՝ վկայականներուն առիթով: Փաուլա Եղիայեան յոյս յայտնեց, որ 12 տարիներ ետք անոնց զաւակները դարձեալ միասին բեմ բարձրանան՝ ստանալու համար Ճեմարանի աւարտական վկայականը: Եզրափակելով իր խօսքը, տնօրէնուհին շնորհաւորեց Մանկապարտէզի անձնակազմը եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը, որոնք իրականացուցին այդ օրուան գեղեցիկ հանդէսը:

Հանդէսին աւարտին, Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Աբգարեան Լեւոն, Աբրահամեան Կալի, Աբրահամեան Արէն, Աղասարգիսեան Միքայէլ, Անտոնեան Լոռի, Գայապալեան Սերժիօ, Գապաքեան Ալիք, Դարբինեան Նարեկ, Էլ Նաշէֆ Գարէլ, Թահմիզեան Կէրի, Ժագմագեան Մարիլին, Լօշխաճեան Յակոբ, Ճէրէճեան Սոֆի, Մարատեան Սէրլի-Ժիւլիա, Մարթայեան Նանար, Նեմշէհրիլեան Ալեք, Շագըլեան Նարեկ-Կերի, Չափարեան Լալէ, Չիֆճեան Ռուբէն, Պալթաճեան Լիլա, Պետրոսեան Միքայէլ, Պոյաճեան Քամի, Սէյիսեան Րաֆայէլ, Տէմիրճեան Վայք, Տէմիրճեան Հրակ, Տէր Մաթոսեան Ժագ, Տիշչէքէնեան Սոֆի, Քէպապճեան Արթիւր, Քիւրքճեան Նանէ, Քուսաօղլի Լոռի:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։