ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 6 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Ինչպէս ամէն տարի, անգամ մը եւս մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ելոյթ ունեցան. այս տարի, հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Դէպի Հայրենիք» խորագրուած հանդէսը: Բեմին յարդարումը, բծախնդրութեամբ ընտրուած հայկական նախշերով տարազները, փոքրիկներուն պատգամները՝ հանդէսի բացման խօսքէն մինչեւ փակման խօսք, անցեալն ու ներկան միաձուլելով, ներկաներուն փոխանցեցին մեր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը: Դար մը առաջ, բռնագաղթի ենթարկուած, որբացած, օտար երկինքներու տակ անտէր մնացած փոքրիկներուն տեղ՝ այդ օր բեմին վրայ կանգնած էին մանկապարտէզի այսօրուան պահանջատէր մանուկները: Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն կողմէ արտասանուած բացման խօսքով. անոնք ըսին. «100 տարիներ առաջ թուրքերը ուզեցին բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցան: Մենք տարածուեցանք աշխարհի չորս կողմերը: Ահա՛, թէ մենք ո՛ւր գացինք»: Այնուհետեւ աշակերտները երգեցին «Հայերէն երգենք» եւ «Արագածի փէշերուն» երգերը, ապա խումբ-խումբ բեմ բարձրանալով՝ յաջորդաբար ներկայացուցին Այնթապի, Ուրֆայի, Սիսի, Սասունի, Վանի եւ Մուսա Լերան կլիման եւ այդ շրջաններուն մէջ բնակող հայերուն նկարագրային յատկանշական գիծերը, աւանդութիւններն ու իւրայատկութիւնները: Ամէն անգամ, որ հայրենի քաղաք մը կը ներկայացուէր, անոր կը յաջորդէր տուեալ շրջանի բնակչութեան գաղթօճախին յատուկ պար մը. այսպէս՝ Այնթապէն Սուրիա հասնելով, փոքրիկները հանդէս եկան քեսապի պարով, Ուրֆայէն՝ Եգիպտոսին յաջորդեց եգիպտական պար մը, Սիսէն Յունաստան՝ յունական պար մը, Սասունէն Ֆրանսա՝ ֆրանսական պար մը (կապոյտ դասարանի աշակերտներ), Վանէն Ռուսիա՝ ռուսական պար մը (կապոյտ դասարանի աշակերտներ) եւ վերջապէս Մուսա Լեռէն Լիբանան՝ Լիբանան պարը (կապոյտ դասարանի աշակերտներ): Պարերու աւարտին, փոքրիկները բեմին վրայ զետեղեցին պաստառներ՝ հայրենի բոլոր շրջաններուն անունները կրող: Կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագախումբով հանդէս գալէ ետք, խումբ մը աշակերտներ փակման խօսքը կատարեցին մաղթելով, որ հետագային անպայման նոյնանման հանդէսներ պիտի կատարեն Արարատի փէշերուն: Ապա անոնք ներկայացուցին «Հայաստանը իմն է» խմբական պարը: Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը հրաւիրեցին այսպէս. «Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ինք որո՛ւն ծոռն է՝ հայրենի ո՛ր գաւառէն կամ քաղաքէն, ու ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։ Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Ժամկոչեան Նայիրա, Մարսիմ Մեղրի, Պեհնէսիլեան Միկելլա, Պէրպէրեան Արին, Սէյիսեան Սանահին, Սրուրեան Լոռիթա, Տիսչէքենեան Սթեֆանի, Փեհլիվանեան Էլիզապէթ, Խոշաֆեան Քրիսթինա, Մայիսեան Լոռի, Յովակիմեան Էլենա, Պարսումեան Ռոզա-Ռիթա, Տօնապետեան Թամար, Ղազարեան Քրիսթին, Գասապեան Մեղրի, Գրիգորեան Կարին, Թազեան Նարօտ, Հանաշեան Լէա, Պարսումեան Պայծառ, Ստեփանեան Քամի, Քէօշկերեան Կալի, Քուսաօղլի Սարին, Ժերդիտեան Հայկ, Կիպինեան Լիւք Աթանաս, Հարպոյեան Կարի-Քանըր, Մարտիկեան Մարտիկ, Մենզոյեան Նորայր, Քէօշկերեան Յակոբ, Օտապաշեան Աւետիս, Աւագեան Հրակ, Գալանճեան Էլիօ-Ժագոպ, Գէորգեան Այգ, Գույումճեան Քեւըն, Դերձակեան Նարեկ, Մելքոնեան Քամի-Մելքոն, Յակոբեան Նարեկ, Նիւրբեթլեան Անթոնի, Տէր Աբրահամեան Առնօ, Քելեշեան Կարօտ, Գասապեան Աւօ, Աբրահամեան Գրիգոր, Գարայեան Վայք, Մխճեան Արմէն, Չափարեան Կարէն, Պարսումեան Վարագ: Վկայականներու բաշխումէն ետք, տնօրէնը ըսաւ, որ մանկապարտէզի հանդէսները սոսկ պարերու եւ երգերու ներկայացումներ չեն, այլ միշտ ունին դաստիարակիչ բաժին մը: Տարուան մը աշխատանքին ամփոփումը ըլլալէ բացի, հանդէսը կը ցոլացնէ ջամբուող հայեցի դաստիարակութիւնը: Փոքրիկը հանդէսի պատրաստութեան ընթացքին երբեմն կ’իւրացնէ այնքան գիտելիք, որքան ամբողջ տարուան դասերուն ընթացքին: Հանդէսի աւարտին, տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յատնեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանին եւ բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար: Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։