ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 8 Յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 146 աշակերտները ներկաներուն կոչ ուղղեցին պահպանելու կենսոլորտը՝ իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով։ Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս երեկոյ մանկապարտէզի 146 աշակերտները բեմ պիտի բարձրանան եւ միաբերան պիտի ըսեն՝ Եկէք բոլորս միասին պաշտպանենք կենսոլորտը։ Մեր հանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները Բ.կիսամեակէն արդէն իսկ սկսած էին։ Կենսոլորտն ու բնապահպանումը մեծ տեղ կը գրաւէին մեր աշակերտներուն առօրեայ ծրագիրին մէջ։ Ինչուները անպակաս էին մեր փոքրիկներուն միտքերուն ու շրթունքին վրայ։ Ինչո՞ւ մեծերը կը ծխեն, ինչո՞ւ աղբերը ծով կը թափեն եւ անվերջ-անվերջ ինչուներ։ Աղբահաւաքը, կենդանին, ծառն ու ծաղիկը դարձան մեր երեխաներուն ընկերները»։ Մանկապարտիզպանուհին իր խօսքի աւարտին ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ բեմին վրայ զետեղուած պաստառը պատրաստուած է կանաչ դասարաններու երեխաներուն կողմէ՝ Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին օգնութեամբ։ Ի վերջոյ, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները «Ուրախ առաւօտ» երգով հանդէս գալէ ետք, հետեւեալ խօսքով ներկայացուցին իրենց հանդէսը. «Մենք՝ Նորսիկեան մանկապարտէզի աշակերտներս, ամբողջ տարուան ընթացքին մտածեցինք եւ որոշեցինք հոգ տանիլ կենսոլորտին։ Մեծեր, օգնեցէք մեզի, որպէսզի միասին պահպանենք մեր շրջապատը։ Մենք կը սիրենք վազվզել թռչուններուն ետեւէն, նստիլ ծառերու շուքին, դիտել գոյնզգոյն ծաղիկները։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ անհետանան ծառերն ու ծաղիկները։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ անհետանան կենդանիներն ու միջատները։ Ի՞նչ պիտի ընենք առանց մաքուր ծովեզերքի, առանց մաքուր ջուրի եւ օդի։ Եկէ´ք, բոլորս միասին մաքրենք, ցանենք ու կանաչցնենք մեր շրջապատը»։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին աղբամաններու երգն ու պարը, հողագործներու ու ջուրի պարերը, ապա վարդագոյն դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թիթեռնիկներու, թռչուններու եւ մեղուներու պարերով։ Կանաչ դասարաններու աշակերտներուն նուագախումբի բեմականացումէն ետք, կապոյտ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ծաղիկներու եւ ծառերու պարը։ Եւ ահա, դարձեալ, ինչպէս միշտ՝ Հայաստանը ներկայ է Ճեմարանի հանդէսներուն։ Նռնենիի տարազներով փոքրիկները պարեցին ու ըսին. «Ես տարեց ծառն եմ։ Մօտաւորապէս ութսուն տարեկան եմ։ Ունիմ խորունկ արմատներ, զօրաւոր բուն ու շատ ճիւղեր….»։ Այնուհետեւ փոքրիկները վերադառնալով մեր արմատներուն, անդրադարձան Ղարաբաղի բնութեան գեղեցկութեան եւ անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Հայրիկ, հաճիս բեմ բարձրացիր, օգնէ´ ինծի, այս ցանած բոյսս կ՚ուզեմ տանիլ Ղարաբաղ ու քէֆ ընել ընկերներուս հետ Ղարաբաղի ծառերուն շուքին»։ Եւ ահա´ կապոյտ դասարանի փոքրիկները Սասնայ պարով կը խանդավառեն բոլորը։ Այնուհետեւ կանաչ դասարաններու աշակերտները երգեցին «Մեր Արցախ աշխարհ»ը եւ պարեցին ուսուցիչներուն հետ մանկապարտէզի իրենց վերջին պարը։ Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր փոքրիկները բնութեան մէջ կ՚արտայայտուին բնապահպանման մասին, եւ իւրաքանչիւրը կ՚ըսէ, թէ ինք ի´նչպէս պիտի պաշտպանէ բնութիւնը։ Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը. «Պրն. Տնօրէն, մենք կը խոստանանք հոգ տանիլ մեր դպրոցին եւ շրջապատին։ Երբ առաջին դասարան ըլլանք պիտի տեսնէք, որ մաքուր պիտի պահենք մեր բակն ու դասարանը, տունն ու պարտէզը։ Ահա այս բոյսը, ցանեցէ´ք զայն տարրականի բակէն ներս, որպէսզի ծլի եւ ծաղկի ու մեզի հետ հասակ առնէ. մեծնայ ու դիտէ մեր եւ մեր ընկերներուն Ճեմարան աւարտելը»։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը։ Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Աբրահամեան Անի, Աստուրեան Թալիա, Արապաղեան Գլէա, Ճինպաշեան Կարին, Մենզոյեան Մեղրի, Պաստաճեան Սէրլի, Պաքալեան Կալի, Սուլեան Պէաթրիս, Վասիլեան Գարինա, Աբիկեան Թամարա, Կարապետ Լիլիթ, Մարգարեան Գարոլինա, Յովհաննէսեան Ցոլեր, Պապիկեան Լոռի, Աշըգեան Թիա, Արսլանեան Բարտի, Աւետիս Լոռի, Գալայճեան Ալեակ, Թրթռեան Ժուլիանա,Կիւրիւնլեան Նարօտ, Յովակիմեան Շաքէ, Յովսէփեան Լոռի, Ջուլհաճեան Սէրլի, Տէմիրճեան Քրիսթել, Ալթուեան Էմանուէլ, Աղասարգիսեան Արամ, Գէորգեան Հրակ, Թաշճեան Սիփան, Թաշճեան Գորիս, Մանիսաճեան Վահան, Մերտխանեան Նժդեհ, Պէրպէրեան Մհեր, Քէօրօղլեան Ռոյ, Ազնիկեան Կրեկորի, Ալթունեան Րաֆֆի, Արբաճեան Հրակ, Գալայճեան Լեւոն, Գասարճեան Րաֆֆի, Թորգոմեան Ճիովանի, Ժերդիտեան Արեգ, Հանաշեան Կարէն-Արէն, Մաքտեսեան Քրիսթոֆ, Սեմէրճեան Րաֆֆի-Իւլիս, Թորոսեան Աւօ-Ալէն, Խանճեան Կի, Հաշէօլեան Վահագն, Ճերմակեան Վարագ, Յակոբեան Ժան-Ժագ, Պաղտասարեան Պաղտիկ, Սթեֆան Փաուլօ, Փափազեան Ռուբէն։ Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։