Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2024-ին Ճեմարան այցելեցին Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան եւ իր եղբայրը` Այնճարի թաղապետ Յարութ Լագիսեան։
Անոնք հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան եւ Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատուին հետ եւ շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները։
Յայտնենք, որ տէր Մեսրոպ Լագիսեան միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ հայ դպրութեան, կրթութեան եւ մշակոյթին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բարեկամին եւ կը գնահատենք իր հայրենանուէր գործունէութիւնը Ամերիկայի տարածքին։