ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ ունեցան ներքին դաշտագնացութիւն մը մանկապարտէզի պարտէզին մէջ: Նախ, երեխաները երգեցին մայրերու նուիրուած երգեր, որմէ ետք շրջանակներ կազմելով նստան գետնին փռուած ծածկոցներուն վրայ  եւ ճաշակեցին իրենց բերած ուտելիքները: