ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները օրուան ընթացքին  կատարեցին «ներքին դաշտագնացութիւն» մը Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ, իրենց ուսուցիչներուն հետ:

Այս իւրայատուկ օրուան հրաւիրուած էին նաեւ կանաչ դասարանի մամաները:

Փոքրիկները ընդունեցին իրենց ծնողները մայրերու օրուան յատուկ երգերով, ապա բոլոր ներկաները միասին նախաճաշեցին պարտէզի խոտերուն վրայ։

Յայտագիրի աւարտին Փոքրիկները մամաներուն բաժնեցին իրենց կողմէ պատրաստուած յատուկ  նուէրները։