ՆԱՐԵԿ ԴՈՒՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին, հայրենի արուեստագէտ Նարեկ Դուրեան այցելեց Ճեմարան: Ան տնօրէնութեան հետ տեսակցելէ ետք, ներկայ գտնուեցաւ լսարանական միութեան ձեռնարկին եւ իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքահայութեան ներդրումը անհրաժեշտ է հայրենիքի հզօրացման համար եւ շեշտեց, թէ այս մէկը չի նշանակեր անպայման սփիւռքահայուն տեղափոխումը Հայաստան, այլ՝ սփիւռքի աւելի հայացումը, սփիւռքահայուն բարձր դիրքերու հասնիլը եւ այդպիսով Հայաստանի բարգաւաճման անոր սատարումը: Դուրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ Հայաստան-սփիւռք ձեռք-ձեռքի տալով կրնան կանգուն ու փայլուն պահել հայ ազգը աշխարհի չորս կողմը: