ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Մարտ 2010-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան: Ան նախ այցելեց «Նորսիկեան» մանկապարտէզ, ուր փոքրիկները զինք դիմաւորեցին երգերով ու պարերով: Ապա շրջեցաւ ու ծանօթացաւ Ճեմարանի վարչական բաժիններուն ու գրադարանին, որմէ ետք ամբողջ աշակերտութիւնը, ուսուցիչներն ու անձնակազմը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ ծափողջոյններով դիմաւորեցին նախարարը: Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը՝ «Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդէն Շանթի ու Աղբալեանի կերտած փոքրիկ Հայաստանին մէջ»: Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց Ճեմարանի աշակերտութիւնը: Ան ըսաւ. «Կը նախանձիմ ձեզի, որ կը յաճախէք պատմութեան անցած հանրածանօթ դէմքերու հիմնած այս դպրոցը: Լաւ հայ ըլլալ կ’ենթադրէ նաեւ լաւ մարդ ըլլալ, հետեւաբար, աշխատինք քայլ պահել արհեստագիտութեան ու գիտութեան յառաջխաղացքին հետ, լաւ սորվինք եւ դառնանք լաւ բժիշկներ, լաւ ղեկավարներ ու գործիչներ»: