ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2011-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի հանդէսը, որ կ՚ընդգրկէր թատրոն, երգ, պար, նկարչութիւն, ձեռային աշխատանք եւ kong fu։ Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տարեդարձ» համերգ-ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Ռոպերթ Առաքելեանի։ Բացման խօսքէն ետք, երգի խմբակը ներկայացուց հայրենասիրական երգերու շարք մը, որմէ ետք պարի խմբակի աշակերտները բեմ բարձրացան իրենց սորված պարերով, իսկ թատրոնի խմբակի աշակերտները՝ իրենց պատրաստած ներկայացումով։ Տեղի ունեցաւ Kong fu-ի ներկայացում, որուն յաջորդեց հայկական նազպար մը։ Ազգային ճոխ պարերէ ետք, խմբային հայրենաշունչ ասմունքով մը հանդէսը հասաւ իր աւարտին։ Կրթական տեսուչ եւ փոխ տնօրէնուհի Հուրի Եափուճեան հանդէսի փակման խօսքով քաջալերեց եւ գնահատեց աշակերտներու ներկայացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բաժնի բոլոր ուսուցիչներուն, ապա ան հրաւիրեց ներկաները դիտելու նկարչութեան եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսը։