ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նախակրթարանի աշակերտներուն կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին՝ ժամը 5:30-էն 8:00, Չալեան սրահէն ներս: Յայտագիրը ընդգրկեց խաղեր, հիւրասիրութիւն, եւրոպական եւ հայկական պարեր: Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում դասընկեր-դասընկերուհիներու միջեւ: Աշակերտները շատ ուրախ վերադարձան տուն: