Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2010-ի առաւօտեան, Ճեմարանի նախակրթարան բաժնի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պիքֆայա եւ ծաղիկներ զետեղեցին նահատակաց յուշարձանին: Նախակրթարանի աշակերտները հայոց պատմութեան դասապահին ընթացքին ծանօթացան թուրքերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան հոլովոյթին` իւրաքանչիւր դասարան իր տարիքային մակարդակի մօտեցումով: Անոնք կատարեցին պատի թերթի աշխատանքներ՝ ջարդի, նահատակ գրագէտներու, տեղահանութեան եւ պահանջատիրութեան վերաբերող գրութիւններով ու պատկերներով:
ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ
