ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու եւ տարբեր վայրերու մէջ, սակայն միեւնոյն նպատակին համար եւ միեւնոյն համոզումով ու հաւատքով իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած ինը ճեմարանական նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպած այս ձեռնարկը բացուեցաւ ցուցադրութեամբ վիտէօ երիզի մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ’առնուէին Ճեմարանի տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ, նահատակ ճեմարանականներ Ժիրայր Խրիմեանի, Յակոբ Պօղոսեանի, Սարգիս Պեքարեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Ներսէս Խուտավերտեանի, Վահէ Չէօփճեանի, Կարօ Գափլանեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի կենսագրականները, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ անոնց տարած միութենական թէ կուսակցական աշխուժ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց նահատակութիւնը՝ տարբեր ճակատներու վրայ: Օրուան պատգամախօսն էր Վաչէ Ծատուրեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Ճեմարանի գերագոյն նպատակն ու ստանձնած առաքելութիւնը՝ ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին, եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին նկատմամբ, շօշափելի օրինակներով ներկայացուց նահատակ ճեմարանականները, որոնք իրենց կեանքով ու նահատակութեամբ օրինակելի հայեր հանդիսացան՝ հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ հպարտութիւն ներշնչելով: Ան իր խօսքը ամրագրեց Ճեմարանի հիմնադիրներուն եւ տնօրէններուն կողմէ կատարուած հաստատումներով, անոնց փոխանցած պատգամներով, որոնց լաւագոյն թարգմանը հանդիսացան այն տղաքը, որոնց յիշատակին նուիրուած էր ձեռնարկը: Վ. Ծատուրեան նշեց, որ Ճեմարանի հիմնադիրները որքա՜ն երջանիկ, ուրախ ու հպարտ պիտի ըլլային գիտակցելով, որ իրենց հիմնած դպրոցէն միս ու ոսկոր առած էին այնպիսի աշակերտներ, որոնք նահատակուեցան յանուն ազգային գաղափարախօսութեան, հայապահպանումին, Արցախին ու հայրենիքին: Ճեմարանի դերը անուրանալի է սփիւռքի պատմութեան մէջ: Անիկա դարձաւ հայեցի կրթութեան այն օճախը, ուր պատրաստուեցան կրթական մշակներ, հայ մշակոյթի տիտաններ, գրագէտներ եւ հրապարակագիրներ ու յատկապէս՝ հասարակական կեանքի գործիչներ ու ղեկավարներ, նաեւ՝ անձնուրաց նորօրեայ «ֆետայիներ», դիտել տուաւ բանախօսը՝ մէջբերելով Ճեմարանի նահատակներէն Ս. Զէյթլեանի հաստատումը այն մասին, որ «հիմնականը՝ տիրական, ինքնապարտադիր ներկայութիւնն է ու այդ ներկայութեան հաստատումը»: Յիշելով Ճեմարանի նահատակները՝ պատգամախօսը նշեց, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանաւորապէս հաւատարիմ մնաց հայոց պատմութեան պատգամին ու հայ ազգի նուիրական դատին: Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց իւրաքանչիւր նահատակի նկարագրային գիծերը, այն նախասիրութիւնները եւ այն ձիրքերը, որոնցմով կը բնորոշուէին, նաեւ՝ անոնց նահատակութեան պայմաններն ու պատճառները: Յակոբ Պօղոսեան քաղաքական ու մշակութային տիպարի համադրումը կը հանդիսանար՝ հայ երաժշտութեան եւ երգին նկատմամբ իր տածած սէրով. ան զոհ կ’երթայ 1958-ի դէպքերուն: Ժիրայր Խրիմեան սնապարծութենէ ու փառամոլութենէ հեռու, անշահախնդիր նուիրումով լի անձնաւորութիւնն էր, որ նոյնիսկ եթէ ապրէր, պիտի նահատակուէր սրբազան գաղափարին համար. ան զոհ կ’երթայ հակադաշնակցական ոճիրի: Պաղ պատերազմի ընթացքին գաղափարական պայքարը միջազգային պայքար էր, եւ որուն զոհը կ’երթայ ճեմարանաւարտ առաջին սերունդին պատկանող Սարգիս Պեքարեան, որ համեստ, գործունեայ, բոլորին կողմէ սիրուած, ծառայասէր կուսակցականն էր: Վ. Ծատուրեանի ներկայացուցած յաջորդ նահատակը նոյնիսկ իր թշնամիին յարգանք պարտադրող ճեմարանականն էր՝ Ս. Զէյթլեան, որ եղաւ Հայ դատի պայքարին գաղափարի մարտիկը, պահանջատէր հայութեան օրինակելի զաւակը, Հայաստանի ազգային դիմագիծի պաշտպանութեան ջատագովը, հայ լեզուի մաքրութեան նորօրեայ Մաշտոցը ու հայ ազատագրական պայքարի զօրավարն ու նահատակը: Կեանքը գիտակցական պայքարի վերածած Զէյթլեան կ’առեւանգուի եւ կը նահատակուի 1985-ին՝ անյայտ պայմաններու մէջ: Իրենց դաշնակցական երդումին հաւատարիմ մնացած, տարբեր սերունդներու պատկանող ճեմարանականներ Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խուտավերտեան տարի մը ետք կը նահատակուին իրենց գաղափարակից ընկերներէն Վարդգէս Տէր Կարապետեանի հետ: Լեւոն հարազատ հայելին էր անհատական յանձնառութեան՝ հաւաքական պատասխանատուութեան ներքեւ, իսկ Ներսէս իւրացուցած էր լայնախոհութիւնը, ազատութիւնն ու հայեցիութիւնը: Քիչ անց 28 Մայիսին Ճեմարանը հողին կը յանձնէ իր շրջանաւարտներէն, Մայիս 28 կերտածներու շունչով ապրած ու հասակ նետած Վահէ Չէօփճեանը, որ զոհուեցաւ պարզապէս որովհետեւ հայ էր: Բանախօսը նշեց, որ ճեմարանական նահատակներուն կրտսերագոյնը Կարօ Գափլանեանն էր, որ նոյնիսկ իր վկայականը չստացաւ: Թունդ ազգասէր, հաւատաւոր դաշնակցական, աշխուժ միութենական, Գէորգ Չաւուշներու եւ Աղբիւր Սերոբներու իտէալով մեծցած Կարոն անմխիթար ձգելով իր ընկերները կը միանայ ճեմարանական նահատակներու փաղանգին: Իսկ նահատակներու շարքին վերջինը Վիգէն Զաքարեանն էր, որուն համար արցախեան գոյամարտը կը նոյնանար Սասունի, Զէյթունի եւ Վանի ինքնապաշտպանութեան: Արցախի ազատագրական պայքարը, հայութեան գոյութեան պայքարը մղելէ ետք ան կ’իյնայ Շուշիի ազատագրութեան ճակատամարտին ընթացքին: Նահատակներուն կեանքով ու մահով սրահին մէջ ներկաներուն պատգամ եւ օրինակ փոխանցելէ ետք՝ Վ. Ծատուրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ճեմարանի նպատակը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Շանթի եւ Աղբալեանի կերտած փոքր Հայաստանի մէջ պատրաստել հայը, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային առողջ ոգիով, վառ պահել հայ մշակոյթի սէրն ու կազմաւորել հայ մտաւորականը, քաղաքագէտը, ուսուցիչը ու յանձնառու նուիրեալ ճեմարանաւարտը: «Ու մենք կը հաստատենք մեր երէց ընկերոջ՝ Սարգիս Զէյթլեանի այնքան ճշմարիտ պատգամը. «Որքան բազմանայ ինկողներուն թիւը՝ յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն եւ արդարագոյն դատին, այնքան աւելի պիտի բազմապատկուի ծառացողներուն եւ պայքարի ասպարէզ նետուողներուն համրանքն ու վճռականութիւնը»: Խոնարհելով մեր նահատակներուն յիշատակին դիմաց՝ կ’ըսենք. «Փա՛ռք ու պատիւ մեր նահատակներուն. «Փա՛ռք ու պատիւ նահատակ ծնած մեր ծնողներուն. «Փա՛ռք ու պատիւ Համազգայինի Ճեմարանին»: Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: