Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին կը մահանայ աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուր:
Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր աւարտական դասարանէն Լեւոն Գալայճեան եւ Վանայ Պաքալեան ընթերցեցին Շարլ Ազնաւուրի կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ապա աշակերտները ունկնդրեցին «Քեզի համար Հայաստան» երգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները:
Օրուան ընթացքին, զբօսանքներուն, աշակերտները լսեցին Ազնաւուրի երգերը: