ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՄԻՏՔԵՐ. Զ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ «ԻՄ ՎԱՂՈՒԱՆ ՔԱՂԱՔՍ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, աշխարհագրութեան (géographie) դասապահերուն ընթացքին սորված տեսական գիտելիքները վերածուեցան գունաւոր ու տպաւորիչ իրականութեան։ Այսպէս՝ Զ. դասարանի աշակերտները, իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին առաջնորդութեամբ, կազմակերպեցին յատուկ ցուցահանդէս մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր՝ «Իմ վաղուան քաղաքս»։

Աշակերտները մեծ խնամքով ու երեւակայութեամբ պատրաստած էին բազմաթիւ մանրակերտներ (maquettes) եւ պաստառներ (affiches)։ Անոնք ներկայացուցին ապագայ քաղաքներու իրենց տեսլականը, ուր կանաչ տարածութիւնները, բնապահպանական լուծումները եւ արդիական արհեստագիտութիւնը կը միանային իրարու՝ ստեղծելով աւելի ապահով ու մաքուր միջավայր մը։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհին, ընկերակցութեամբ ուսուցչական կազմի անդամներուն։ Անոնք շրջեցան բոլոր սեղանները, մօտէն հետաքրքրուեցան իւրաքանչիւր աշխատանքով եւ մեծ հաճոյքով մտիկ ըրին աշակերտներուն տուած մանրամասն բացատրութիւնները։

Տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները բարձր գնահատեցին աշակերտներուն թէ՛ գիտական մօտեցումը եւ թէ
ստեղծագործական շունչը, որոնք կը փաստեն մեր աշակերտներուն արթուն միտքն ու պատասխանատու քաղաքացիի գիտակցութիւնը։

rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt rbt