Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ կը ստանձնեն Ճեմարանի Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի 2022-2023 տարեշրջանի վարդագոյն դասարանի (3-էն 4 տարեկան) 30 երեխաներու կրթաթոշակները: Սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի յաջորդաբար 3 տարիներ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնեցին եւ իրագործեցին այս շատ շինիչ ծրագիրը:
Բոլոր այն ծնողները, որոնք կը փափաքին իրենց զաւակները ուղարկել Ճեմարանի Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարան, կրնան կապուիլ 04-712602 թիւին ամէն օր առաւօտեան ժամը 7:30-էն կ.ե. ժամը 1:30 կամ ե-նամակ մը ուղարկել [email protected] հասցէին:
Ճեմարանի Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս երեխան հասակ կ’առնէ ու կը զարգանայ հոգատար, ապահով եւ ուրախ միջավայրի մէջ:
Տնօրէնութիւն
