ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ութերորդ դասարանի աշակերտները տեսան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգակ թատերակէն հատուած մը, որուն հասկացողութեան հարցումներուն զուգահեռ ներկայացուցին անոր կեանքն ու գործերը: Ոմանք խաւաքարտի վրայ աշխատած էին, իսկ ուրիշներ՝ հեռարձակման միջոցը օգտագործեցին: Կարգ մը աշակերտներ պատրաստած էին Պարոնեանի նկարն ու մէկ խօսքը կրող էջացոյցներ, զորս բաժնեցին իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն: Աշակերտ մըն ալ գրագէտին գործերուն մասին իր պատրաստած խաչբառը բաժնեց դասընկեր-դասընկերուհիներուն եւ գիրք մը նուիրեց առաջին ճի՛շդ լուծողին: Հետաքրքրական, խիստ շահեկան ու ու գնահատելի էր անոնց աշխատանքը: