Յակոբ Թաշճեան կը ստանայ Դիրքորոշման փաստաթուղթի մրցանակ (Position Paper Award) Model United Nations ծրագրին

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւնները այս տարի եւս մասնակցեցան Model United Nations (MUN) ծրագրին, որ յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով կը կայանայ՝ հովանաւորութեամբ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանին (LAU): Երկրորդական բաժինէն 16 աշակերտներ մասնակցեցան ծրագրով նախատեսուած վարժողական հանդիպումներուն, որոնք երկարեցան 5 շաբաթներու վրայ: Այդ հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, զարգացուցին ուսումնասիրութիւններ կատարելու իրենց կարողութիւնը, ծանօթացան ՄԱԿ-ի զանազան կառոյցներու աշխատակարգին եւ սերտեցին փաստաթուղթեր կազմելու, բանախօսելու, տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները: Ծրագիրը եզրափակուեցաւ համագումարներով` տարածուած երկու օրերու վրայ: Այդ համագումարներուն Ճեմարանի աշակերտները մասնակցեցան իբրեւ Ֆինլանտայի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ զանազան յանձնախումբերու մէջ ներկայացուցին երկրին կեցուածքը՝ առաջադրուած խնդիրներուն մասին, նմանակելով ՄԱԿ-ի մէջ աշխատանքը՝ իր տարբեր դրսեւորումներով: Աւարտին, Յակոբ Թաշճեանին շնորհուեցաւ Դիրքորոշման փաստաթուղթի մրցանակ (Position Paper Award):