Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2014-2015 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի հին ու նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները կը շարունակուին: Գրասենեակները 1 Սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ կը գործեն ամէնօրեայ դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 8:00-13:00: Ծնողներէն կը խնդրենք փութացնել իրենց զաւակներուն արձանագրութիւնը: Վերաքննութիւններն ու նոր աշակերտներու քննութիւնները տեղի կ՛ունենան Է-էն ԺԱ դասարաններու համար` Չորեքշաբթի, 3 եւ Հինգշաբթի, 4 Սեպտեմբերին, Ա-էն Զ դասարաններու համար` 10 եւ 11 Սեպտեմբերին: Գիրքերու եւ համազգեստի վաճառքը կը կատարուի Երկուշաբթի 8 Սեպտեմբերէն սկսեալ, մինչեւ Ուրբաթ 19 Սեպտեմբեր 2014: Մանկապարտէզի համազգեստներու վաճառքը կը կատարուի Երկուշաբթի 22էն Ուրբաթ 26 Սեպտեմբեր 2014: 2014-15 տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ կարգով. Թ, Ժ, Ժա եւ Ժբ դասարաններ.- Չորեքշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 7.30ին: Է եւ Ը դասարաններ.- Չորեքշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 7.30ին: Բ, Գ, Դ, Ե եւ Զ դասարաններ.- Չորեքշաբթի 24 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 7.30ին: Ա դասարան.- Հինգշաբթի 25 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 7.30ին: Կանաչ դասարան.- Երեքշաբթի 30 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 8ին: Կապոյտ դասարան.- Չորեքշաբթի 1 Հոկտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 8ին: Վարդագոյն դասարան.- Հինգշաբթի 2 Հոկտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 8ին: Մանկամսուր.- Հինգշաբթի 4 Սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 8ին: ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ