Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, հոգեբանութեան վերջին տարուան ուսանող Սեւակ Հապէշեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ զրուցեց մտային առողջութեան կարեւորութեան մասին:
Ան շեշտեց, որ ինչպէս երբ ֆիզիքապէս հիւանդանալու պարագային կ’այցելենք բժիշկին, նոյնպէս ալ հոգեբանին ներկայութիւնը կարեւոր է մեր կեանքին մէջ: