ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու  ներկայութեամբ ։

Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին եւ կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։

Ժամը 8։15-ին, աւարտականները մեկնեցան դէպի Ն.Փ. Ճեմարան, ուր իրենց ընկերակցեցաւ Տիկ. Շաղիկ Մկրտիչեան եւ զիրենք ծանօթացուց Ճեմարանի կառոյցին։ Ապա անոնք այցելեցին Ֆըրըն Շըպպէքի գերեզմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանները, ուր երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Աշակերտները այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի «Շաղզոյեան» Կեդրոն, ուր տեղի կ’ունենար Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպած «Զօրակցի՛նք Արցախին» ռատիոթոնը: Սագօ Եագուպեան խօսք առաւ Վանայ Ձայնէն եւ փոխանցեց աշակերտներուն սրտի խօսքը այս առիթով: Ան ըսաւ. «Մեր դպրոցական վերջին օրուան զուգադիպեցաւ այս ռատիոթոնը, մենք աւելի քան ուրիշները պարտական ենք Արցախին, քանի որ Ճեմարանը նահատակ տուած է, եւ մենք պիտի շարունակենք Վիգէն Զաքարեանի ուղիով: Այսօր մեր նիւթական համեստ նպաստը՝ 500 ԱՄՆ տոլար, կը բերենք Արցախին՝ աւարտական դասարանին կողմէ»:

«Շաղզոյեան» Կեդրոնէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն՝ այցելելու նախկին տնօրէններ Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի դամբարանները։

Աշակերտներուն վերջին այցելութիւնը եղաւ Անթիլիասի Մայրավանքի նահատակաց յուշարձան-մատուռը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին:

Աւարտականները դպրոց վերադառնալէ ետք, ուղղուեցան դէպի իրենց դպրոցական ուղիի առաջին հանգրուան՝ Նորսիկեան մանկապարտէզ եւ հրաժեշտ տուին փոքրիկներուն։

Օրուան աւարտին, ժամը 2։00-էն ետք, դասերը կանգ առին դպրոցին մէջ։ Աւարտականները պարերով եւ ուրախ կանչերով բոլոր աշակերտներուն ներկայութեան ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ըսին «բոլորին սիրելի ուխտավայր Ճեմարանին»։