Հայաստանի աշխարհագրութիւնը ուսումնասիրելով, մենք` Հինգերորդ դասարանի աշակերտներս, ծանօթացանք նաեւ Հայկական լեռնաշխարհին հետ կապ ունեցող քանի մը առասպելներու: Անոնց մէջէն ամէնէն խորհրդաւորն էր Փոքր Մհերի առասպելը, որ կ’ըսէ թէ՝ Երբ Սասնայ վերջին Ջոջը՝ Փոքր Մհերը կը զգայ, որ հողը այլեւս չի դիմանար իր ոտքերուն տակ, կը փակուի Ագռաւաքար ժայռին մէջ պատգամելով՝
«Քանի աշխարհք չար է, Հողն ալ ղալբցեր (ծուլացեր) է, Մէջ աշխարհքին ես չեմ մնար։ Որ աշխարհք աւերուի, մէկ ալ շինուի, Երբ որ ցորեն էղաւ քանց մասուր մի, Ու գարին էղաւ քանց ընկոյզ մի, Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ ելնենք այդտեղէն»։
Լսելէ ետք առասպելը մեզի թելադրուեցաւ պատրաստել հետեւեալ նիւթին մասին փոքր գրութիւն մը ՝ «Երեւակայէ՛ որ հրաշքով մը «Մհերի Դուռը» (Ագռաւաքարը) բացուեցաւ միայն քեզի համար եւ կրցար մտնել ներս: Ի՞նչ կ’ըսես Փոքր Մհերին»:
Բոլորս ուժ տուինք մեր երեւակայութեան եւ քանի մը օր ետք մեր դասարանի պատիթերթը զարդարուեցաւ Փոքր Մհերին ուղուած մեր խօսքերով …