Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին միջնակարգի երեք դասարանները հրաժեշտ տուին 2019 տարեշրջանին:
Թ. դասարանի աշակերտները վարեցին գեղարուեստական յայտագիրը, ապա կերուխումէն ետք, հայկական պարեղանակներով, շուրջպարով եւ եւրոպական ու ամերիկեան պարերով ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը: