ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբերին միջնակարգի երեք դասարանները հրաժեշտ տուին 2016 տարեշրջանին: Երգերով, նուագներով, խաղերով, աճպարարութիւններով եւ պարերով անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին:

Հանդիսութեան յաջորդեց աւանդութիւն դարձած ճաշն ու կարկանդակը: Այնուհետեւ հայկական պարեղանակները, շուրջպարը եւ եւրոպական ու ամերիկեան պարերը ստեղծեցին զուարթ մթնոլորտ մը: