ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԻԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՄԱԶԻՆ

Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2010-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգի ութերորդ դասարանի աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանում» նիւթով ձեռնարկ մը, որ խորքին մէջ ընդվզումի ու բողոքի այրտայայտութիւն մըն էր՝ ընդդէմ հայ մշակոյթին ու պատմութեան հանդէպ վերջին շրջանին թրքական պետութեան թէ կուսակցութիւններու վարած քաղաքականութեան։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց Վանայ Ճենանեան։ Ան ըսաւ. «Հայապահպանումի կարեւոր կռուաններէն են դպրոցը, ակումբը եւ եկեղեցին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին, մենք լուսարձակի տակ պիտի առնենք հայկական եկեղեցին, որ վտանգի ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ։ Այս ձեռնարկը մեր վերջնական նպատակը չէ. մեր նպատակն է ստեղծել շարժում մը՝ ընդդէմ հակահայ արարքներու»։ Ապա Սեւակ Պեքերեճեան ընթերցեց լեզուի մասին խօսք մը.« Առանց հայկական դպրոցի, հայ լեզուն պիտի անհետանար։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ գիտակից հայ լեզուի անհրաժեշտութեան, ստեղծեց այբուբենը, որպէսզի հայը կարենայ գոյատեւել ու դիմադրել օրըստօրէ սաստկացող ձուլման վտանգներուն»։ Լեզուն իբրեւ հայապահպանման կարեւորագոյն կռուան ներկայացնելէ ետք, Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը։ Ակումբի կարեւորութեան մասին Նժդեհ Գարագաւորեան ըսաւ.«Ուրիշ կռուան մըն է ակումբը, որ կը միացնէ հայութիւնը։ Հայկական բոլոր միութիւններն ալ հիմնուած են նոյն նպատակով՝ միացնել համայն հայութիւնը, երիտասարդ նոր սերունդը կազմակերպել եւ զայն օժտել հայեցի դաստիարակութեամբ»։ Այս խօսքէն ետք աշակերտները երգեցին «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք» երգը։ Ապա Մաթիան Փայլեան, Ալեք Յակոբեան եւ Յարութ Թիքիճեան ազգի մը գոյատեւման երրորդ ազդակը նկատելով եկեղեցին, յաջորդաբար ըսին.« Եկեղեցին հիմնուած է ազգը բարոյապէս կազմակերպելու նպատակով։ Գիտենք պատմութենէն, որ թուրքը եղած է հայուն դարաւոր թշնամին եւ տակաւին իր ընթացքը չէ փոխած. ան ինքզինք քաղաքակիրթ ձեւացնելով կը շարունակէ նոյն քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարենայ մաս կազմել Եւրոպական Միութեան եւ անդամակցիլ եւրոպական շուկային, արտօնելով հայկական արարողութիւն կատարել Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ 1915 թուականէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, առանց խաչի գմբէթին վրայ, ինչպէս նաեւ անտեսելով՝ 1 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան նախագահի գլխաւորած ամբոխի աղաղակելով եւ սուլելով մուտքը Անիի Մար տաճար, ուր ուրբաթօրեայ նամազ կատարուած է»։ Աշակերտներուն խօսքերէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան գնահատելով աշակերտներուն նախաձեռնութիւնը, ըսաւ.«Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն հանդէպ պետութիւնը յաճախ անմարդկային վերաբերում ունի։ Մեր պատմութեան մէջ կաթողիկոսանիստ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի թոյլտուութիւնը ձեւական արարք մըն էր՝ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան ձգտումին կապուած, անոր հակազդեցութիւնն էր Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազ կատարելը, որ կը միտէր հաստատելու, թէ Անին թրքապատկան տարածք է։ Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին բազմաթիւ հայեր, որոնցմէ մայրաքաղաքի բնակիչները նուազ իրաւազրկուած են, որովհետեւ հոն պետութիւնը աւելի զգոյշ է։ Հոն գոյութիւն ունին բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, բայց պետութիւնը զանազան արգելքներով կը խափանէ անոնց ազատ գործունէութիւնը։ Ձեր այս ընդվզումի արտայայտութիւնը սքանչելի նախաձեռնութիւն մըն է. նման արարքներու ճիշդ ձեւով հակազդելու համար անհրաժեշտ է քաջածանօթ ըլլալ հայերէն լեզուին ու հայոց պատմութեան, անդամակցիլ հայկական միութիւններու, բայց նաեւ ունենալ մտաւորական բարձր մակարդակ եւ տրամաբանելու բարձր կարողութիւն։ Հայ Դատի ծիրէն ներս պայքար մղելու համար պէտք է ձգտիլ լաւագոյնին, իրաւունքը փաստելու հնարաւորութիւն պէտք է ունենալ»։ Տնօրէնը բացման խօսքին մէջ յիշուած շարժում ստեղծելու նպատակին անդրադառնալով ըսաւ.«Ձեր այս շարժումը ձիւնագնդակի մը պիտի նմանի, որ հետզհետէ մեծնալով ու թաւալելով, պիտի ծաւալի ու նուաճումներ ապահովէ»։ Տնօրէնին խօսքէն ետք, Վանայ Ճենանեան ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով ընթերցեց թրքական դեսպանատան ուղղուած բողոքի բաց նամակը, որմէ ետք աշակերտները դիտեցին հայկական եկեղեցիներու սրբապղծման վերաբերող տեսերիզ մը՝ պատրաստուած Վանայ Ճենանեանի եւ Գուրգէն Փափազեանի կողմէ։ Ստորեւ թրքական դեսպանատան ուղղուած նամակը. Պէյրութ, 3 Նոյեմբեր 2010 Մեծարգոյ Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան. Մենք՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտներս, ընդվզեցանք երբ իմացանք, թէ աւելի քան հազար տարուան կեանք ունեցող հայկական եկեղեցիի մը մէջ կատարուեցաւ նամազ։ Ձեզի նման քաղաքակիրթ երկրի մը վայել չէ՛պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդի մը սեփականութիւնը գրաւելով չբաւարարուիլ, եւ թոյլատրել անոր սրբատեղիներուն սրբապղծումը։ Արդ, կը պահանջենք ձեզմէ, որ աւելի չանտեսէք մեր զգացումները եւ յետ այսու ընթացք չտաք նման դէպքերու։ Շնորհակալութիւն Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ութերորդ դասարանի աշակերտներ