ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՀՈՄ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ-ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած տօնավաճառին մասնակցելու նպատակով միջնակարգի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը բերաւ նուէր մը՝ հագուստ, զարդեղէն, ուտելիք, եւայլն: Աշակերտները շատ մեծ խանդավառութեամբ իրենց զբօսանքները տրամադրեցին նուէրները միասնաբար ծրարելու եւ զարդարելու աշխատանքին: Տօնավաճառին օրը՝ 11 Դեկտեմբեր, 2015-ին, խմբակ մը ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարան: Աշակերտները իրենց նուէրները մեծ տուփի մը մէջ զետեղած յանձնեցին ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Յովիկ Յակոբեանին: ՀԵՀՈՄ-ականները հարցազրոյց մը կատարեցին մեր աշակերտներուն հետ ու տեղեկութիւններ ստացան աշխատանքի ընթացքին եւ իրենց զգացումներուն մասին՝ տօնական օրերու սեմին: Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: