Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ին, վերջին պահուն տեղի ունեցաւ միջնակարգի աշակերտներուն Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Է., Ը. եւ Ժ. դասարաններու աշակերտները:
Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Ժան Կարապետեան ընթերցեց «1918 Մայիս 28» խօսքը, ապա ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեցին Սելին Գիլէճեան եւ Ալիք Քէշիշեան: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը ընթացաւ հետեւեալ կարգով. Կարէն Չափարեան ջութակով նուագեց Քէօսէեանի «Concertino»-ն, որմէ ետք Մարգրիտ Ղազարեան երգեց Արաբօ Իսպիրեանի «Տուն իմ հայրենի»ն, ապա Այգ Գէորգեան դաշնամուրով նուագեց Առնօ Պապաջանեանի «Մեղեդի»ն: Այնուհետեւ Լոռիթա Սրուրեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք»ը, ապա Արմէն Մխճեան թաւջութակով նուագեց Կոմիտասի «Հորովել»ը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Ալիք Մեսրոպեան: Ան ըսաւ. «Այս տարի կը նշենք Հայաստանի առաջին անկախութեան 104-ամեակը: 104 տարի առաջ՝ 28 Մայիս 1918-ին, հայ ժողովուրդը կերտեց իր անկախ պետականութիւնը՝ սեփական բանակով եւ խորհրդարանով: 28 Մայիսին հայ ժողովուրդը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ հերոսական կռիւներ մղելով արժանացաւ եռագոյն դրօշին տակ ազատ ու անկախ ապրելու պատիւին: Այս անկախութիւնը կերտող գլխաւոր հերոսներէն էին Ճեմարանի հիմնադիրներ՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Սիմոն Վրացեան: Իրենց եւ իրենց նմաններու միակամութիւնն ու հաւաքական ուժը մղում տուին Մայիսեան յաղթանակին: Նուէր չէր առաջին անկախութիւնը հայ ժողովուրդին, որ քանի մը տարի առաջ ենթարկուած էր ցեղասպանութեան եւ 1.5 միլիոն զոհեր տուած էր: Անկախութիւնը արդիւնք էր ուժի եւ վտանգի դէմ կանգնելու գիտակցութեան: Սիրելի՛ ճեմարանականներ, անկախութիւնը, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր հաւաքական եւ գիտակից պատասխանատուութիւն է: Երբ ազգ մը չունի անկախ հայրենիք անոր ձուլումը շատ աւելի արագ կ’ընթանայ: Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եղած իրադարձութիւնները մեզի կը փաստեն, թէ իբրեւ սփիւռքահայ աշակերտներ ժամանակն է, որ մենք աւելի ամուր կառչինք հայապահպանման առաքելութեան՝ տիրապետելով մայրենի լեզուին, լաւ սերտելով հայոց պատմութիւնը եւ գրականութիւնը: Տակաւին քանի մը տարի առաջ, երբ 11-րդ դասարանի աշակերտ էի, աւարտական դասարանի ուղղուած ողջերթի ուղերձիս մէջ յիշեցի Ուիլիամ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքերը. «Երբ երկու հայ իրարու հանդիպին աշխարհի մէջ որեւէ տեղ անոնք կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը»: Նոյնպէս ալ երկու ճեմարանական երբ հանդիպին աշխարհի որեւէ անկիւնը, անոնց հոգիներուն մէջ կ’արթննայ Շանթէն, Աղբալեանէն եւ Մուշեղ Իշխանէն փոխանցուած աւանդը: Այսօր այս մէկը մենք կը տեսնենք «Զարթիր Լաօ» շարժումին ընթացքին, երբ հայրենիք գտնուող ճեմարանականները խուռներամ կը մասնակցին այս ցոյցերուն՝ առաջնահերթութիւն սեպելով հայրենիքի անկախութիւնը: Ուրեմն, սիրելի՛ ճեմարանական, Ճեմարանի ոգիով շարունակենք պայքարիլ մեր անկախութիւնը պահելու համար»:
Խումբ մը աշակերտուհիներու «Եարխուշտա» պարէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» խմբերգով:
