Ճեմարանի աշակերտութեան կրթութիւն ջամբող, արտադասարանային աշխատանքներով ու այցելութիւններով անոր ընդհանուր զարգացումը հարստացնող եւ ընկերական առողջ մթնոլորտ ստեղծելու ճիգ չխնայող ուսուցիչները իրենց առօրեան եւս կը թարմացնեն ու կը ճոխացնեն զանազան առիթներով: Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, երկրորդ զբօսանքէն սկսեալ ուսուցչարանէն ներս տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած միջինքի հիւրասիրութիւնը: Տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ծնողական խորհուրդը եւ ուսուցիչները միասնաբար ճաշակեցին պահքի յատուկ ուտելիքներ եւ քաղցրեղէններ: Նման առիթներ խթան կը հանդիսանան աշխոյժ ու առողջ համագործակցութեան ոգիի կերտումին: Վարձքը կատար բոլորին:
ՄԻՋԻՆՔ
