ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 հայկական երկրորդական վարժարաններ: Մասնակցող վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, Հայ Աւետարանական Քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եւ ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը, իւրաքանչիւր դպրոցէ 6 աշակերտներ` երկրորդական բաժանմունքէն: Ներկայ էին նաեւ դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ ու քաջալերողներ: Զարգացման մրցումի հարցումները բաժնուած էին հիմնական 6 ենթաբաժանումներու` Հայաստան, Արցախ, մշակութային, դէմքեր, մարզական եւ այլազան: Հարցումները կ՛ընդգրկէին զանազան նոր տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ: Մասնակից աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատասխանեցին հարցումներուն: Հակառակ անոր որ արդիւնքները շատ մօտ էին, բայց եւ այնպէս բարձրագոյն արդիւնքը ապահովող դպրոցը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը հանդիսացաւ առաջին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը` երկրորդ, իսկ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը` երրորդ: