ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 5 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջդպրոցական երգչախմբային փառատօնը` մասնակցութեամբ տասը հայկական վարժարաններու եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիսութեան ընթացքին հերթաբար բեմ բարձրացան հայկական տասը վարժարաններու երգչախումբերը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ դաշնակահարներուն: Իւրաքանչիւր խումբ երգեց Կանաչեանի մանկապատանեկան երգերէն երկուքը: Ճեմարանի տարրական բաժինի Բ. Եւ Գ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ինչ Անուշ» եւ «Մենք կը սիրենք» երգերը ընկերակցութեամբ երգի ոսուցչուհի Մարիա Գալֆայեանի եւ Ը. դասարանի աշակերտուհի Վանայ Ճենանեանի դաշնակի նուագակցութեամբ ։ Երգչախումբերուն կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին: Հանդիսութեան աւարտին տասը երգչախումբերը միասնաբար երգեցին Մուշեղ Իշխանի «Դպրոցական քայլերգը»` ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Քեչեկի: