Ուրբաթ, 10 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանական եւ նկարչական մրցանքին, որ տեղի ունեցաւ «Ահրամճեան» կեդրոնէն ներս:
Արտասանական մրցումին, Ե. դասարանէն երկրորդ հանդիսացաւ Սարին Մահտեսեան, որ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Օրօր Մարկոսեան, որ արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս թուրքին» բանաստեղծութիւնը, արժանացաւ խրախուսական գիրի:
Զ. դասարանէն խրախուսական գիր ստացաւ Բարտի Արսլանեան, որ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայ ուխտաւորը»:
Երկու մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Օրօր Մարկոսեան, Սարին Մահտեսեան, Ալիք Քէշիշեան եւ Շարիս Կէօզիւպէօյիւքեան (Ե. դասարան), Լոռի Աւետիս, Բարտի Արսլանեան, Հրակ Արբաճեան եւ Արամ Աղասարգիսեան (Զ. դասարան):