ՄԻՇՏ ԸՆԿԵՐ

Եւ վերջապէս համաւ 26 Մայիսը։ Առաւօտեան ժամը 8։30-ին տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները հասան Պուրճ Համուտի Զաւարեան դաշտ, ուր իրենց կը սպասէին արդէն իրենց ծնողները։ Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտները խառնուած էին իրարու եւ կազմած «Սասուն» եւ «Սարդարապատ» ոտնագնդակի խումբերը։ Նոյն դասարաններու աղջիկներն ալ խառնուած էին իրարու եւ կազմած երկու քաջալերող խումբեր։ Անոնք խնդում դէմքերով եւ ազատ պարով առանձին-առանձին ներկայացուցին «Սասուն» եւ «Սարդարապատ» խումբերու մարզիկները։ Ճեմարանի քայլերգէն ետք, սկսաւ ոտնագնդակի մրցումը։ Առաջին կիսախաղը (20 վայրկեան) վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով։ Կիսախաղին բոլոր աղջիկները միասնաբար ներկայացուցին կշռութային պար մը, որմէ ետք սկսաւ երկրորդ կիսախաղը (20 վայրկեան)։ Խաղը վերջ գտաւ 4 (Սարդարապատ) – 1 (Սասուն) արդիւնքով։ Արդիւնքը երբեք չազդեց մարզիկներու տրամադրութեան վրայ։ Բոլորը շատ ուրախ խանդավառ մթնոլորտէն, ձեռնուեցան իրարու հետ եւ ստացան ոսկի մետալներ, որոնց վրայ նշուած էր օրուան նշանաբանը՝ Միշտ ընկեր։