ՄԻՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ 2011

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Մինի մարաթոն Պուրճ Համուտ 2011-ը տեղի ունեցաւ Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2011-ին, մասնակցութեամբ 32 աղջիկներու ու 44 տղոց, որոնք վազեցին Պուրճ Համուտի ճամբաներուն մէջ: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. 96/97 Աղջիկներու դասակարգին մէջ երրորդ հանդիսացաւ Շաղիկ Տէր Պետրոսեան 94/95 Աղջիկներու դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Լոռի Թաշճեան, իսկ Մակի Զաքարեան՝ երրորդ 94/95 Տղոց դասակարգին մէջ երկրորդ հանդիսացաւ Սարհատ Գէթսէմանեան 96/97 Տղոց դասակարգին մէջ երրորդ հանդիսացաւ Արամ Աբրահամեան